2013-05-27 13:11:58

Սուրիացի Ընդդիմադիր Զինեալներու` Թրքական Զինուորական Տարազով Նկարը Թուրքիոյ Մէջ Աղմուկ Բարձրացուցած Է


Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած է լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւի, որ սուրիացի ընդդիմադիրները թրքական բանակի տարազով են, եւ անոնց ուսերուն վրայ կայ թրքական զօրքերու զինանշանը:
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ այդ առնչութեամբ հարց ստեղծուած է նաեւ թրքական խորհրդարանին մէջ, երբ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ուզած է յստակացնել, թէ ինչպէ՞ս թրքական բանակի համազգեստը յայտնուած է սուրիացի ըմբոստներու մօտ եւ արդեօք Թուրքիան նման օգնութիւն տրամադրա՞ծ է:
«Այդ նկարը նախագահ Պաշշար Ասատի հետախուզական ծառայութիւնները կրնան ստանալ ֆոթոմոնթաժի միջոցով` սադրանք հրահրելու նպատակով: Սուրիոյ ազատ բանակն ալ կրնայ ֆոթոմոնթաժի դիմել, որպէսզի ցոյց տայ, որ Թուրքիան իրենց կ՛աջակցի: Բացի ատկէ, այդպիսի տարազ կրնայ արտադրուիլ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, եւ ատիկա կանխարգիլել կարելի չէ», յայտնած են Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն` խոստանալով ուսումնասիրել դէպքին մանրամասնութիւնները եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ հաղորդել:








All the contents on this site are copyrighted ©.